ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 12-18 Նոյեմբեր 2013-ին՝ տեղի ունեցաւ նախնական դարմանումի դասընթացք մը հիւանապահուհի Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանի ղեկավարութեամբ:
Քանի մը օրերու ընթացքին, 20 տիկիններ եւ օրիորդներ հետեւեցան այրուածքի, բարձր ջերմութեան, վախի, դիւրազգացութեան եւ վիրաւորներ դարմանելու մասնագիտական դասերու՝ զոր սիրայօժար կերպով եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուց Տիկ. Մարի-Ֆլօր Արուշեանը:
Մասնակիցները նաեւ սորվեցան ասեղ զարնել եւ ճնշում չափել:
Վարձքը կատար ԼՕԽ-ի բոլոր ծառայողներուն:





