Հոգեհանգստեան Արարողութիւն ի Յիշատակ Լ.Օ.Խ.ի Մահացած Անդամներուն
Կիրակի, 28 Ապրիլ 2014-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի բարերար, հիմնադիր եւ բոլոր մահացած ընկերուհիներուն յիշատակին: արարողութեան ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանը , Հ.Յ.Դ. «Կ. Լեռ» Կոմիտէն,Գիւղի միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց սուրճի հիւրասիրութիւն «Գ. Կիւլպէնկեան» Սրահին մէջ ուր Լ.Օ.Խ.ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհին, «Կ. Լեռ» Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Այնճարի քաղաքապետը, եւ հոգեւոր հայրերը փոխանցեցին իրեց սրտի խօսքերը յատկապէս վեր առնելով Լ.Օ.Խ.ի առողջապահական, Կրթական, դաստիարակչական եւ ազգանուէր գործունէութիւնը:







