8 Փետրուար 2014-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական Վարժարանի «Մուսա Լեռ» Սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը համախմբած էր մեծաթիւ տիկիններ եւ օրիորդներ, հայկական մաքուր երաժշտութեամբ եւ ոգեշուչ ազգային երգերու կշռոյթով, վայելելու իսկական Հայ երգի երգեցողութեան (Գարաօքէի) ձեռնարկը:
Աւանդական համադամ ճաշերով ճոխացած սեղանները եւ զուտ հայկական մթնոլորտը գագաթնակէտին հասցուցին ներկաներուն տրամադրութիւնը՝ որոնք երկար ժամեր երգեցին ու պարեցին պարպուելով առօրեայ իրենց մտահոգութիւններէն:
Նկատելի էր երիտասարդ իգական սերունդին աշխուժ մասնակցութիւնը:
ԼՕԽ-ը նման ձեռնարկներով կը փորձէ միշտ հնչեցնել Հայ երգը՝ պահպանելով զայն բոլորին շուրթերուն վրայ:






