Երեքշաբթի՝ 22 Ապրիլ 2014-ին, Զատկուայ առիթով, ճաշարան «Արեւ» ի մէջ 140 տարեցներ տօնական մթնոլորտի մէջ դիմաւորեցին Ս. Զատիկը՝ երգելով, պարելով, եւ հետեւելով օրուայ սեղանապետ՝ Տիկ. Իսկուհի Քիւրտեանին:
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Մատլէն Խօշեան, որ դրուատեց միութեան աշխատանքներուն նպաստող բոլոր ազգայիններուն օժանդակութիւնը, որոնցմէ է Զէյթլեան ընտանիքը, որ տօնական օրերուն իրենց ուրախութիւնը կը բաժնեն գիւղին տարեցներուն հետ:
Ապա՝ հրաւիրուեցաւ Հայր Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանը, որ իր պատգամը փոխանցելէ ետք օրհնեց սեղանները:
Խրախճանքի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական հաւկթամարտ:





