ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» Դարմանատուն-Կեդրոնի Բացում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը:

Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ  ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ  դարմանատուն-կեդրոնին բացումը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոզ Պագալեան: Ան  ըսաւ. «Վազքով սկսած եւ զանազան դժուարութիւններ յաղթահարած աշխատանքէ մը ետք, շնորհիւ մեր ժողովուրդին, ղեկավարութեան, Շրջանային վարչութեան, գիւղին միութիւններուն, հեռաւոր ափերուն գտնուող մուսալեռցի-այնճարցի հայորդիներուն` այնճարցին ու Այնճարը սիրող բարերարներուն նուիրատուութեամբ եւ մեր տարեց ընկերուհիներուն օրհնութեամբ, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թափ ստացաւ եւ իրագործուեցաւ շինարարական այս ծրագիրը` ճարտարապետութեամբ գիւղի զաւակներէն Հրակ Սթամպուլեանի»: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Այս կեդրոնին մէջ «Աղթամար» մասնաճիւղի 200 անդամներով պիտի գործենք` վերանորոգուած կամքով մեզի վստահուած աշխատանքը հասցնելով լաւագոյնին, մեր նորահաս սերունդին փոխանցելով մեր պապերէն ժառանգած կամքի, կորովի, ազգասիրութեան, հաւատարմութեան եւ զոհողութեան ոգին»:

«Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան ներկայացուց մասնաճիւղին պատմականը` անդրադառնալով մասնաճիւղին եւ դարմանատան հիմնադրութեան հանգրուաններուն, 1942-էն մինչեւ օրս: Ան յիշեց հիմնադիրները, դերակատար ընկերուհիները եւ անցեալի երիտասարդ բժիշկները, որոնք ընդհանրական շահերը գերադասելով եւ անսակարկ նուիրումով հիմը դրին այսօրուան դարմանատան:

Ան ըսաւ, թէ «վերանորոգուած դարմանատունը իր նոր  կառոյցով եւ բարելաւուած սարքաւորումներով կու գայ ըսելու մեր սիրելի ժողովուրդին` եղէ՛ք առողջ, իսկ եթէ դիմագրաւէք որեւէ առողջական հարց, դիմեցէ՛ք «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի դարմանատուն, ուր պիտի գտնէք ձեր ցաւերը ձեզի հետ բաժնող ընկերուհիներ եւ պաշտօնէութիւն»:

Հաւաթեան յայտնեց, որ վարչութիւնը ինքզինք գօտեպնդուած կը զգայ` նեցուկ ունենալով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը:

Ան իր խօսքը շարունակեց արաբերէնով եւ դարձեալ անդրադարձաւ դարմանատան պատմականին` յիշելով անոր դերակատարութիւնը գիւղի եւ շրջանի բնակիչներուն առողջապահական հարցերուն խնամքին եւ բարօրութեան մարզերուն մէջ:

Ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան գնահատեց դարմանատան ցարդ ընծայած ծառայութիւնները` վստահեցնելով, որ մասնաճիւղը պիտի վայելէ Շրջանային վարչութեան հոգատարութիւնը, համակրանքը եւ հովանաւորութիւնը:

Ան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի ընտանիքը միշտ յատկանշուած է իր միասնակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Գլպաշեան  իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորութեան եւ  յարատեւութեան մաղթանքներով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան: Ան ըսաւ. «Այնճարի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողքին, ժողովուրդին առողջապահական եւ ընկերային կարիքները իր ուսերուն վերցուցած կամաւորներու մեծ բանակով մը գործած է ու կը շարունակէ գործել «Աղթամար» մասնաճիւղը, որ տեղէ տեղ փոխադրուելով վերջապէս իրականացուց գիւղի անմիջական առողջապահական կարիքները հոգացող եւ արդիական պայմաններով օժտուած կեդրոնի մը շինութեան իր երազը»:

Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Հիմա պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած շարունակենք գործը, որպէսզի այս կեդրոնը համալրուի նոր սարքաւորումներով եւ աւելի ընդարձակէ իր գործունէութիւնը եւ ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութիւնները»:

Տոքթ. Այնթէպեան աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք նոր թռիչք առնող այս ժողովուրդին եւ իր 75-ամեակը արդէն բոլորած մեր գիւղին համար մեծ նուէր է այս կեդրոնը:

Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան շնորհաւորեց այնճարցիները եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը` վերանորոգուած դարմանատան բացումին առիթով` նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընտանիքին: Ան ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, ուր կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ, սակայն մենք կը նմանինք այն նաւուն, որ երբեք չ՛ընկղմիր եւ  կը յաղթահարէ սպառնացող բոլոր խոչընդոտները»:

Տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւն եւ գնահատանք Ծաղիկ Հերկելեանին` մասնաճիւղի դարմանատան մէջ իր 25-ամեայ պաշտօնավարութեան առիթով:

Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան այս ազնիւ մօտեցումին համար եւ ըսաւ, թէ ան իր պարտականութիւնը կատարած է հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան գիւղի պարմանուհիներէն Յասմիկ Այնթապլեան` ֆլիւթով, Մեղեդի Թոփալեան` երգով եւ Էլենա  Քերքեզեան` ջութակով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` ձեռամբ շինարարական յանձնախումբի ընկերուհիներուն:

Ներկաները խանդավառուած տօնական մթնոլորտէն կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: