«Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները»

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Շաբաթ 16 Մայիսին 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 3 դասախօսական շարքերու երկրորդը “Գերզգայնութեան գլխաւոր պատճառները ” նիւթով ,զորս ներկայացուց մանկաբուժ Տոքթ. Պերճ Տագէսեան :

“Աղթամար” մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ ընկհ. Լիզա Թիւմպերեան Այնճարի

ԼՕԽ-ի դարմանատան ատենապետուհին , ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելով, ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ Տօքթ. Պերճ Տագէսեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն դասախօսութիւնը կազմակերպողներուն:

Դասախօսը բացատրեց թէ գերզգայնութիւնը մէկ հիւանդութիւն մը չէ,այլ զանազան հիւանդութիւններու խմբաւորում մըն է , թուելով տարբեր օրինակներ

1)Թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ՝Ազմա-ն է

2)Մորթի հետ կապուածը՝ էգզէմա

3)Քիթի հետ՝ քթային անցքերու բորբոքում

4)Աչքի հետ՝ աչքի արտաքին թաղանթի բորբոքում, եւայլն....

Դասախօսը լայնօրէն բացատրութիւններ տուաւ Ազմայի մասին ,թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակը: Շնչելով գերզգայնութիւն պատճառող նիւթը , օրինակ փոշին , ծաղիկներու բեղմնափոշին , անասուններու ստեւը , տարբեր տեսակի փետուրներ ,բուրդը , եւայլն , ենթական

պիտի տառապի Ազմայի հիւանդութենէն եւ իբրեւ հետեւանք ենթական պիտի ունենայ շունչի նեղութիւն եւ սուլոց : Մորթի պարագային , օճարը , լուացքի կամ մագրութեան դեղերը կրնան յառաջացնել մորթային հիւանդութիւն ,

օրինակ Էգզէմա , ինչպէս նաեւ փենիսիլինի կամ այլ դեղերու հետ առնչուած

վտանգաւոր գերզգայնութիւն :

Տոքթ. Տագէսեան շարունակեց բացատրել թէ կարելի է տարրալուծարանի քննութիւններով գերզգայնութեան ախտաճանաչումը կատարել եւ համապատասխան դարմանումի ենթարկել հիւանդը :

Վերջին ակնարկով , Տոքթ. Տագէսեան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց յաւելեալ բացատրութիւններ տալով :

Դասախօսութեան աւարտին ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան խօսք առաւ շնորհակալութիւն յայտնելով դասախօսին ,ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սօսի Արամեանին ,ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ընկերուհիներուն , ինչպէս նաեւ ներկաներուն.

Ապա հրաւիրեց զանոնք ,որ ներկայ ըլլան շարքին երրորդ դասախօսութեան ,երկուշաբթի 25 Մայիս 2015-ին , նոյն վայրին մէջ: