Կամաւոր Բժիշկներու Ամանորի Հաւաքոյթ

Այնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան բժիշկներուն Կամաւոր աշխատանքին առ ի գնահատանք, մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, Շաբաթ, 19 Դեկտեմբեր, 2015-ին, նորակառոյց Ֆիլհաննէսեան կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող բժիշկներուն , բժիշկուհիներուն եւ իրենց ընտանիքներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ընկհ.Ցողիկ Հաւաթեան , որ մեծապէս գնահատեց բժիշկներուն կամաւոր ծառայութիւնը , ԼՕԽ-ի միջոցով Հայ թէ օտար հիւանդներուն:
Ապա դարմանատան յանձնախումի խօսքը փոխանցեց ընկհ. Մատլէն Հաւաթեան:

Բժիշկները պահ մը մոռնալով  իրենց  հիւանդները, յանձնախումբին եւ վարչութեան հետ վայելեցին տօնական պահեր, ընթրիքի սեղանի մը շուրջ: Կաղանդ պապային այցը ուրախացուց ներկաները. անոնք երգեցին ու  պարեցին  ապա ստացան նուէրներ կաղանդ պապային կողմէ:

Հրաժեշտի պահուն բժիշկները դրուատիքով անդրադարձան կատարուած հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան խոստանալով շարունակել իրենց կամաւոր մարդասիրական գործը: