«Քարաօքէ»-ի երեկոյ

ԼՕԽ –ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը  պահպանելու համար հայ երգն ու երաժշտութիւնը, Երկուշաբթի, 8 Փետրուար, 2016-ին, կազմակերպեց «Քարաօքէ» երեկոյ մը, ճաշարան «Նապաա Այնճարի» մէջ:

 Համախմբուած էին մօտ 75 ընկերուհիներ ու համակիրներ, միասնաբար, կեանք տալու մոռցուած հայկական երգերուն:

Ձեռնարկի բացման խօսքը  կատարեց յաձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Անէթ Փալազեան, ան մաղթեց որ բոլորին տուները լի ըլլան խնդութեամբ ու հայկական երգերով:

Երեկոյի հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկ. Նայիրի Հապէշեան: Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց, պահոց օրերու եւ հայկական  աւանդութիւններու  մասին:

Ներկաները շատ մեծ խանդավառութեամբ երգեցին աշուղական, սիրային եւ հայրենասիրական երգեր, եւ   շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: