Ձեռագործի եւ Ճաշի Դասընթացքներ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Կեդրոնին մէջ

Հովանաւորութեամբ  MECC եւ  Fin Church Aid կազմակերպութիւններուն եւ նախաձեռնութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան ու Լ.Օ.Խ.-ի Այնճարի  «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ կազմակերպուեցան ձեռագործի եւ ճաշի պատրաստութեան դասընթացքներ՝ մասնաճիւղի նորակառոյց կեդրոնին մէջ, 11-էն 13 Օգոստոս 2015-ին:

  Կազմակերպութեամբ Մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ասեղնագործութեան դասընթացք մը՝ դասատու ունենալով Ընկհ. Սիրվարդ Պիտանեան-Գէօհիւլեանը, որուն հետեւեցան 16  տիկիններ եւ օրիորդներ: Սոյն դասընթացքը նպատակ ունէր քաջալերել Հայկական ասեղնագործութիւնը, զայն փոխանցելով երիտասարդ սերունդին:

  Նոյն օրերուն եւ նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի դասընթացք մը, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, որուն հետեւեցան 35 տիկիններ եւ օրիորդներ: Անոնք սորվեցան պատրաստել հայկական «Մանթը», Տիկ. Այտա Մանճեան-Թասլաքեանի առաջնորդութեամբ, իսկ «Meat Loaf» սարքել սորվեցան, Տիկ. Թերեզա Պէրպէրեանի ցուցմունքներով:

  Անուշեղէններու բաժնով աւանդական «Ս. Սարգիս»ի հելվա պատրաստութիւնը ներկայացուց Տիկ. Եւա Մալաթեանը:

  Ամառնային եղանակի պտուղներու առատութենէն օգտուելով, պատրաստուեցան չիրերու զանազան տեսակներ եւ խաղողի շարոց: Յանձնախումբի անդաներ ընկերուհիներ Ռոզ Պագգալեան եւ Ազատիկ Տաղլեան իրենց գիտելիքներէն ու փորձառութիւններէն շատ բան փոխանցեցին ներկաներուն:

  Այս բոլորը աւարտեցան գեղեցիկ արուեստի գործով մը (ձմեռուկի վրայ փորագրութիւն), զոր կիրարկեց Հայաստանէն ժամանած «Մուսա Լեռ» Հայրենակցական միութեան երիտասարդ անդամներէն Ազատուհի Հապէշեան:

  Դասընթացքները կը միտէին բարելաւելու մասնակցողներուն ընկերային կեանքը, ստեղծելով նաեւ գործի հնարաւորութիւններ:

  Մասնակցողները ստացան համապատասխան վկայագրեր Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութենէն: