Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին եւ նուիրատուութեամբ Զէյթլեան ընտանիքին, Հինգշաբթի 26 Մարտ 2015-ին, ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Զատկուայ աւանդական հաւաքոյթը:
Հաւաքոյթին ներկայ էին Հայր Վահրիժ Ղարախանեան, Տէր Աշոտ աւագ քհնյ. Գարագաշեան, Տէր Արսէն Քէշիշեան, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քոյրեր Լորէնցիա Գապագեան եւ Թէոպիսթէ Պետրոսեան, Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մեծ թիւով տարեցներ:
Առողջութեան եւ երկար կեանքի մաղթանքներով՝ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի ընկերուհի Քնար Շխրտմեան-Գամպէրեանը:
Օրուայ հաւաքոյթի սեղանապետն էր Պրն. Սարհատ Աբրահամեան: Ան զաւեշտներով եւ բարեմաղթութիւններով ճոխացուց օրուայ մթնոլորտը:
Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առին հոգեւոր հայրերը եւ գիւղի 3 վարժարաններուն աշակերտները կատարեցին երգեր եւ պարեր:
Հաւաքոյթը անցաւ ճոխ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ:















