Երկուշաբթի 14 Դեկտ. 2015-ի առաւօտեան, Տէր Նարեկ Աւգ. Քհնյ. Շիրիքեան Այցելեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի դարմանատունը:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց Տէր Հայրը եւ ծանօթացուց Տէր հօր ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները:
Տէր հայրը մանրամասնօրէն ծանօթացաւ «Աղթամար»ի տարած հսկայ աշխականքին եւ բարձրօրէն գնահատեց մասնաճիւղի տարած ազգօգուտ աշխատանքը:
Այս առիթով նաեւ ան սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան:


