Գործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, եւ նիւթական օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ գործող բնապահպանութեան "SPNL” ընկերակցութեան, Շաբաթ 11 Օգոսոտս 2015-ի կէսօրուան ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանոցի բացումը՝ որ կը միտի պահպանել ձեռարուեստները, շեշտը դնելով հայկական բացառիկ գործերու վրայ, ինչպէս «Սուազ»ի, հայկական էթամինի, եւ այլ շրջաններու աւանդական ձեռագործներու:
Բացման արարողութեան խօսք առին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ցողիկ Հաւաթեան եւ աշխատանոցի յանձնախումբի ատենապետուհի Նաթալի Քէնտիրճեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կեդրոնի բացումը գիւղի հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ:
Կեդրոնին մէջ արդէն իսկ ցուցադրութեան եւ վաճառքի դրուած էին ձեռագործներու տարբեր տեսակներ: SPNL –ի պատասախանատուները իրենց գնահատանքը արձանագրեցին կատարուած աշխատանքին ի տես:
Հիւրերը դիմաւորուեցան աղ ու հացով, եւ տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական ուտեստեղէններու հիւրասիրութիւն այս ուրախ առիթով:
Ջութակի վրայ նուագով հանդէս եկան Հելենա Քերքէզեանն ու Շաղիկ Հապէշեանը:
Կեդրոնի աշախատանքները պիտի քաջալերեն իգական սեռը, վառ պահելով ասեղնագործութիւններու տեսակները եւ պատրաստելով ապագայ սերունդի պատասխանատու առաջնորդներ:
Յետ այսու աշխատանոցը բաց պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար որոնք կը սիրեն պատրաստել ձեռագործներ եւ կը քաջալերեն տարբեր տեսակի ձեռային աշխատանքները:









