Կաղանդի Հաւաքոյթ (2015)

ԼՕԽ–ի «Աղթամար» մասնաճիւղի (Այնճար) ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած, կաղանդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Դեկ-տեմբեր 2015-ին,  ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: 

Ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ–ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Սօսի Արամեանի եւ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան, նախ անդրդարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակին ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր օժանդակութեան ձեռք երկարողներուն, ըլլան անոնք հայրենակիցներ թէ ընկերուհիներ. ԼՕԽ–ի գործունէութիւնը նմանցնելով ծովու մը , որու ջուրերը երբեք չեն ցամքիր, որովհետեւ հոն թափող գետերը բազում են:  

Օրուայ յայտագիրը ներկայացուց ընկհ. Լուսիկ Քէնտիրճեան, ուր անդրադարձաւ ուսման կարեւորութեան , շեշտը դնելով արժանաւոր հայ աշակերտին օժանդակելու անհարաժեշտութեան փոխանցելով թէ, սոյն ձեռնարկի հասոյթը պիտի տրամադրուի Այնճարի 3 հայկական վարժաններուն, իբր կրթանպաստ. ապա, տեսերիզի օգնութեամբ ներկայացուց, կաղանդը, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Խանդավառ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նապատակով, հրաւիրուած էր երգչուհի ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, որ իր գրաւիչ ձայնով եւ խանդավառ երգերով հաւաքոյթին ուրախ մթնոլորտը հասցուց իր գագաթնակէտին:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, 150-է աւելի նուէրներ, տօնական մթնոլորտին մէջ, ուրախացուցին ներկաները, ձեռամբ կաղանդ պապուկին ու մամիկին եւ տօնածառին, որոնք հաւաքոյթին սկիզբէն, ձեռնարկին տուին յատուկ տօնական փայլք:

Ներկաները ստացան անուշներու պատրաստութեան գրքոյկ մը իբր Նոր Տարուայ նուէր: