«Ոսկրափտութիւնն  ու “Տի”  Կենսանիւթը»

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , գործակցաբար՝ Այնճարի, ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի վարչութեան Երկուշաբթի 25 Մայիս 2015 ին , Այնճարի “Ս. Զէյթլեան “ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքին երրորդը "Ոսկրափտութիւնը եւ “Տի” Կենսանիւթը” նիւթով ,զորս ներկայացուց  ԱՊԸԲ կեդրոնի ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տօքթ. Յարութիւն Այնթապլիան   :

ԼՕԽ-ի “Աղթամար” մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի անունով ընկհ. Սալբի Հանտեան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց առողջպահական յանձնխումբին որ Այնճարի մէջ կազմակերպած էր սոյն դասախօսական շարքը ապա

ներկայացուց օրուան դասախօսը՝

Տօքթ.Այնթապլեան որ “Power Point”- ի ցուցադրութեամբ սկսաւ բացատրութիւններ տալ՝
ա- ոսկորի եւ անոր բաղադրիչ բջիջներուն մասին

Բ- ոսկորի մէջ պարունակող Քալսիոմ-ի եւ այլ հանգային աղերու պարտականութիւններուն մասին

Գ-Ոսկրափտուութեան եւ քալսիոմ-ի կապակցութեան

Ան ըսաւ թէ՝ :«կիներու 50% , 50 տարեկանէն վեր կը տառապի ոսկրափտութենէ , իսկ այր մարդոց քով 25 %-ը. թուեց այն ուտելիքները որոնք կը պարունակեն քալսիոմ-ի բարձր քանակ Օրինակ՝ մածունը, սարտինը, կաթը, պանիրը եւ պրոքոլին:

Ապա շեշտը դնելով քալսիոմ-ի պարտականութեան վրայ, ըսաւ՝ :« մեր մարմինի կարեւոր նիւթերէն մին է , սրտի զարկերը կը կանոնաւորէ , մկանները կը հանգստացնէ եւ կը նպաստէ հաւասարակշռելու արեան գերճնշումը:

Վերջին բաժինով, դասախօսը լայն բացատրութիւններ տուաւ կենսանիւթ “Տի”-ի մասին յիշեցնելով թէ, յատուկ դեր ունի կանխարգիլելու սրտանօթային, շաքարախտի, քաղցկեղի եւ այլ տարբեր հիւանդութիւններ : “Տի” կենսանիւթը կը գտնուի սոմոնի, սունկի, թոնի, լեարդի եւ ձկան իւղի մէջ: Իսկ “Տի” կենսանիւթի անբաւարարութեան զանազան պատճառներն են՝ կենսոլորտի ապականումը, գիրութիւնը, մարմինի թուխ մաշկը, յառաջացած տարիքը եւայլն....

Վերջին ակնարկով, Տոքթ. Յ.Այնթապլեան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով յաւելեալ բացատրութիւններ տուաւ: