Լ.Օ.Խ.ի  «Աղթամար» Մասնաճիւղի Ամանորեայ Հաւաքոյթը

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 5 Դեկտեմբեր 2014ի կ.ե. ժամը 2:00 էն սկսեալ, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի Ամանորեայ հաւաքոյթը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան: Ան անդրադառնալով կամաւորներու օրուան առիթին, գնահատեց մասնաճիւղի անդամներուն կամաւոր աշխատանքը: Ան նոր տարուայ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի նախագահ ընկհ. Ծովինար Սնապեանին:

Ներկաները վայելեցին անակնկալներով լեցուն կաղանդի խանդավառ մթնոլորտը պատրաստուած օրուայ հանդիսավարներուն՝ Ժանօ Փամպուքեանի եւ Ժանէթ Փամպուքեան-Ղազարեանի կողմէ: