Շաբաթ, 5 Մարտ 2016-ին , երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հ.Հ. գիտութիւններու Ակադեմեայի դասախօս եւ Տէրեան Մշակութային կեդրոնի պատասխանատու, Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի , «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, զորս ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան: Ան շեշտը դրաւ նաեւ Այնճարցիներուն սէրին , հետաքրքրութեան եւ քաջալերանքին հայկական մշակոյթին նկատմամբ:
Անի Մարգարեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայկական մանրանկարչութիւնը, սկսելով հին դարերէն հասնելով մինչեւ օրերս, անդրադառնալով բոլոր հայկական տարածաշրջաններուն եւ հանգրուաններուն:






