Մուսա Լերան հերոսամարտի 101 եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77 ամեակներուն առիթով կազմակերպուած աւանդական «Տոհմիկ Օր»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս:
Ձեռնարկը կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որու օժանդակած էին մասնաճիւղի հինգ յանձնախումբերը: Բեմը յարդարուած էր լոզունքներով, որոնք խօսքերն էին Արամ Ա. վեհափառի, Եդուարդ Պոյաճեանի, Պօղոս Սնապեանի, Թովմաս Հապէշեանի, Սարգիս Զէյթլեանի եւ այլ նշանաւոր հայ անձնաւորութիւններու: Վաճառքի դրուած էին Մուսա Լերան աւանդական ուտեստեղէնները, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն ձեռամբ: Յատուկ անկիւն մը յատկացուած էր մանուկներու օգտակար ժամանցի ու խաղի, տիկին Լիզա հէքիմեանի առաջնորդութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութիւնը, Այնճարի քաղաքապետ՝ պրն. Վարդգէս Խօշեանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, հայ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, մարմիններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ռոզ Պագալեան: Ան ըսաւ «Մենք բարգաւաճ Այնճարի իւրաքանչիւր թիզ հողի մէջ կը տեսնենք մեր նախահայրերուն ճակտի արդար քրտինքը եւ պատրաստ ենք պահպանելու անոնցմէ մեզի փոխանցուած աւանդութիւնները». Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, պատկան մարմնի, քաղաքապետութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին մասնաճիւղին, յառաջ տանելու մարդասիրական գործը: Ապա ան ներկայացուց եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հաղորդավար՝ Նաթալի Քէնտիրճեանը եւ Մուսա Լերան բարբառով անոր ընկերացող՝ Վարանդ Տումանեանը:
Նաթալի Քէնտիրճեան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի 200 անդամահուհիներու անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք Վարանդ Տումանեան Մուսա Լերան հարազատ բարբառով ողջունեց ներկաները: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Ասմունքով ելոյթ ունեցան Շուշիի մէջ ասմունքի մրցանակակիր՝ փոքրիկն Պարոյր Ղուկասեանը եւ ընկհ. Քնար Գամպէրեանը, պարերով՝ պրն. Ժիրօ Քէչէճեանի աշակերտներն ու Ազգ. Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանի պարախումբը, երգերով՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեանը, Պօղոս Տօնիկեանը, Մարիա Աբէլեանն ու Նազանի Ադամեանը, իսկ նուագով՝ Լիլիթ Աբրահամեանը, Յասմիկ Այնթապլեանն ու Գէորգ Տէր Սարգիսեանը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Ան ըսաւ «Այս օրը մեզի կ'ընծայէ նորոգելու զոհաբերութեան մեր կամքն ու գոյատեւման պայքարը, հպարտ ենք, որ յանձնառութեամբ ամուր կը պահէք ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին այս մասնիկը, իրարու հանդէպ զօրակցութեամբ եւ գուրգուրոտ վերաբերմունքով է, որ կը յաղթահարենք դժուարութիւնները եւ կը կերտենք մեր ապագան»:
Ապա գիւղի քաղաքապետ՝ պրն. Վարդգէս Խօշեան փոխանցեց իր պատգամը: Ան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կամաւոր աշխատանքը լաւագոյնս կազմակերպելու այս երեկոն: Ան դրուատելով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը ըսաւ «Այնճարի մէջ չկայ ընտանիք մը, որ չէ օգտուած մասնաճիւղի ծառայութիւններէն, Լիբանանի մէջ չկայ հայ ընտանիք մը, որուն մէջ չէ թափանցած Շրջանային Վարչութիւնը իր մասնաճիւղերով, աշխարհի մէջ չկայ հայ ընտանիք մը, որուն չէ հասած ՀՕՄ-ի բարիքները»:
Յայտագրի աւարտին շրջափակը թնդաց շուրջպարերով: Խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ մուտք գործեց Մուսա Լերան աւանդական «Տաուլ Զուռնան» եւ իր համաչափ կշռոյթով հրաւիրեց ներկաները պարելու այն պարը, զոր մեր պապերը պարած էին 77 տարիներ առաջ Մուսա Լերան գագաթին: Այն պարը, որ մղիչ ուժ եղած էր մեր քաջարի հերոսներուն, դիմադրելու թշնամիին անհաւասար զօրքին, քառասուն օրերու ընթացքին: «Տաուլ Զուռնա»ն է ու պիտի մնայ Մուսա Տաղի ժողովուրդի զաւակներուն ահազանգ հնչեցնող ձայնը դարերու ընթացքին:
Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ վիճակաձգութիւն:






















