Ամանորեայ ձեռնարկներ՝ «Աղթամար» մասնաճիւղէն ներս

Ուրբաթ,16 Դեկտեմբեր 2016-ին,  երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն:

Կեդրոն ժամանեցին տարբեր մասնագիտութեան տէր բժիշկները (թիւով 12) իրենց ընտանիքներուն հետ: Կեդրոնի բժիշկներուն համար կազմակերպուած աւանդական այս հաւաքոյթը, վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը անոնց՝ մեր ժողովուրդին մատուցած իրենց մարդասիրական ծառայութեան համար:

Ձեռնարկին՝ վարչութեան եւ դարմանատան անունով բացման խօսք արտասանեց ընկհ. Լոռի Կէօքճեան, որ գնահատեց բժիշկներուն անսակարկ մօտեցումը հանդէպ  իրենց դիմողներուն: Դարմանատան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, պատրաստուած ճաշակաւոր յարդարուած սեղաններէն տօնական մթնոլորտ կ’արտացոլար: Խանդավառ երաժշտութիւն, համադամ ընթրիք եւ սերտ խօսակցութիւն բժիշկներուն միջեւ, ուր իրարու կը ծանօթանային այս յարկին տակ:

Կաղանդ պապուկին մուտքը՝ առաւել թնդացուց մթնոլորտը: Ճոխ երգերուն ընկերակցեցան պարերը, որոնք տեւեցին մինչեւ կէս  գիշեր: