Տարեցներու Հաւաքոյթ

Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ողողուած էր Այնճարի տարեցներով, որոնք  ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի հրաւէրին: Ճաշկերոյթը սարքուած էր բարերարութեամբ` Տէր և Տիկին Սեդրակ Բաբիսեան ամոլին, ներկայութեամբ՝ Այնճարի հոգեւոր հայրերուն, Առաքինազարդ քրոջ, Տէր և Տիկին Պատուելի Ագպաշարեաններուն և շուրջ 100 ներկաներու:

Բացման խօսքը կատարեց ընկերուհի Ծաղիկ Հերկելեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա հրաւիրեց Վիքթորիա Գէորգեանը, որպէսզի վարէ ձեռնարկը: Ան իր գեղեցիկ ձայնով ճոխացուց մթնոլորտը, առիթ ընծայեց հոգեւորականներուն, որոնք իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին,  դրուատեցին ԼՕԽականներուն ծառայութիւնը, ի մտի ունենալով միշտ տարեցներու հանդէպ անոնց ունեցած հոգածութիւնը՝  բարոյապէս և ընկերային մթնոլորտով մէկտեղելու զանոնք յաճախ:

Փակման խօսքով, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Մատլէն Խօշեան, գնահատական արտայայտութիւններ ուղղեց բարերարներուն, ներկաներուն և գործող ընկերուհիներուն, որոնք կը ջանան հոգեպէս հզօրացնել գիւղի տարեց  խաւին հանդէպ ունեցած ներդրումը: Երկու ժամուան ուրախ և հաճելի պահերէն ետք, ներկաները մեկնեցան դարձեալ հանդիպելու յոյսով: