ԱՄԱՆՈՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՎԱՃԱՌՔ

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստեղէններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, Առաքինազարդ Քոյրը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը, «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մեծ թիւով հրաւիլեալներ:

 Տէր Միւռոն Աւագ Քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով եւ Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի ձեռամբ, մուտքի ժապաւէնի հատումէն ետք, բացուած յայտարարուեցաւ ցուցահանդէս-վաճառքը:

Քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, ընկերուհի Նաթալի Քէնտիրճեան բարի գալուստի խօսքով, ողջունեց բոլոր ներկաները: Ան ըսաւ.«ահա արդէն տարին կը հասնի իր աւարտին եւ մենք  կը պատրաստուինք դիմաւորելու նոր տարին, նոր յոյսերով, փափաքներով եւ որոշումներով: Իսկ երբ ակնարկ մը նետենք անցնող տարուան եւ ուզենք գնահատել ու արժեւորել մեր աշխատանքները, պիտի նկատենք, թէ մեր ակնկալութիւններն ու յոյսերը շատ աւելի էին քան մեր հանդուրժողութիւնն ու համերաշխութիւնը: Բայց տակաւին, այս օրը կ'ուզենք տարբեր ոգեւորութեամբ աշխատիլ վաղուան համար: Այսօր կը ցանենք յուսալով, որ հունձքը վաղը առատ պիտի ըլլայ: Եթէ իւրաքանչիւր անհատ իր ընտանիքին, իր գործին եւ այն մեծ միութեան մէջ աշխատի կորովով եւ խանդավառութեամբ, մենք արդէն պիտի ունենանք առատ հունձք եւ վայելենք այն բարիքը, նպատակ ունենալով, թէ սերունդը պիտի ստանայ «Բարի Օրինակ Մը»: ԼՕԽ-ը կը գործէ այն տեսլականով, որ ձեռարուեստի յանձնախումբը, որպէս անբաժան մասնիկ, կու գայ այս ցուցահանդէսով ներկայացնելու իր տարեկան աշխատանքը, բոլորին մաղթելով լաւագոյնը: Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը նուէրներու փոխանակման եւ ուրախութեան գեղեցիկ ժամանակաշրջանն է:  Յանձնախումբին նպատակն է տեսնել և տարածել հայկական ձեռագործները ամէն տեղ,  քաջալերել արուեստն ու ձեռարուեստը եւ գնահատել հայ տիկնոջ աշխատանքը այս մարզէն ներս»: Ան յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL-ին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն ընկերուհիներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով աշխատեցան իրագործելու այս ցուցահանդէսը:

Ապա, իր խօսքը փոխանցեց քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան: Ան ըսաւ. «ԼՕԽ-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ իր հզօր գործը անպայմանօրէն յարգանք կը պարտադրէ բոլորին, ոչ միայն իր գործին համար, այլ ծառայութեան ոգիին, որոնք անխտիր եւ մեծ երկիւղածութեամբ կը նային ԼՕԽ-ի աշխատանքին: ԼՕԽ-ը այն կանացի հաստատութիւնն է, որ նոյնիսկ կրնայ արցունքի կաթիլ մը սրբել եւ վիշտ մը թեթեւցնել: ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը կարելի չէ անպայման սահմանափակել ընկերային կամ առողջապահական ծիրէն ներս, որովհետեւ ան՝ ընդարձակ եւ ազգային բոլոր արժէքներու վրայ գուրգուրացող է ու կը զոհուի կամաւոր կերպով, ուր կամաւորագրուած են տիկինները, բոլորովին իրենց կամքով, նուիրաբերելու համար իրենց կարելին, որպէսզի ի յայտ բերեն այս կատարեալ աշխատանքը, որուն մենք ականատես ենք»: Ամբողջ Այնճարի անունով, գնահատեց ձեռնարկին հրաշալի աշխատանքը, ըսելով, թէ այս գործը իսկապէս հրաշալի ու մեծ գործ է, որովհետեւ այս ընթացքով է, որ կանգուն կը պահենք մեր աւանդութիւններն ու ազգային բոլոր արժէքները, որոնք պէտք չէ երբեք խափանուին: Եւ վերջապէս, ան ըսաւ. «ԼՕԽ-ը, միշտ գեղեցկացուցած է մեր գիւղի հաստատութիւնները  իր ներկայութեամբ. ուժ տուած է նոր սերունդին, քաջալերած է իգական սէրը, որպէսզի անպայմանօրէն մասնակից դառնայ, նախանձախնդիր ըլլալով մեր բոլոր կրթական եւ եկեղեցական արժէքներուն, հաստատօրէն ներգործած է մայրական այն մթնոլորորտը, որ պիտի դաստիարակէ վաղուան երիտասարդները»:

Ցուցահանդէսին վաճառուեցան հայկական ու աւանդական ուտեստեղէններ եւ ձեռագործներ:

Շաբաթ, 10 եւ Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ մանուկներու յատուկ յայտագիր մը՝ խաղերով, անակնկալներով, երգերով, պարերով, նուէրներով ու կաղանդ պապայի այցելութեամբ:

Յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Վարձքը կատար բոլորին: