Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, աջակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ գիւղի երկսեռ տարեցներուն, երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ լեռնարշաւ մը դէպի Այնճարի հանդիպակաց պուրակը: Մինչեւ որոշ տեղ՝ տարեցներուն վերելքը դիւրացնելու նպատակով, օգտագործուեցան ինքնաշարժներ:
Բնապահպանման կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն քաղաքապետութեան կողմէ: Այդ միջոցին խօսք առին բնապահպանման յանձնախումբէն պրն. Ուաժտի Պըրպէրի եւ քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեան: Անոնք դրուատեցին բնապահպանութեան ծիրէն ներս աշխատող երիտասարդ երրեակ խումբի տարած աշխատանքը եւ Այնճարի լերան կանաչապատման ծրագիրի իրագործումը:












