Ոսկրափտումի Արշաւ

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, կազմակերպեց ոսկրափտումի քննութեան արշաւ մը, գործակցելով՝ Շթորայի H.D.C կեդրոնին հետ:

 Արշաւին մասնակցեցան շուրջ 100 տիկիններ:

Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2017-ին, մասնակցողները ստացան քննութեան արդիւնքները, իսկ դարմանատան մէջ ծառայող տոքթ. Համզի Մազլում, փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ոսկրափտումի մասին, անդրադարձաւ կանխարգիլման միջոցներուն, շեշտը դնելով քալելու մեծ օգտակարութեան  վրայ, իբր մկաններն ու ոսկորները զօրացնող միջոց:

Ապա, ան բացատրութիւններ տուաւ ոսկրափտումի դեղերու ճշգրիտ գործածաութեան մասին եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: