Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այնճարի տարեցները, մէկը կաղալով, միւսը անթացուպով փութացին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին կազմակերպած «Ամանորեայ Հաւաքոյթ»ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, բարերարութեամբ՝ Վրէժ եւ Տիգրան Գարաքէշիշեան եղբայրներուն, իրենց նորոգ հանգուցեալ մօր՝ Մարի Գարաքէշիշեանի յիշատակին:
Տարեցներու կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւները, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ բարերարները՝ իրենց կողակիցներուն ու թոռնիկին հետ:
Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան: Ան մէջբերումներով խօսեցաւ տարեց սերունդի արժէքին մասին, շեշտելով անոնց ունեցած ներդրումը Այնճարի բարգաւաճման ու վերելքին: Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայերէն լեզուի կարեւորութեան եւ յարգանքով յիշեց բոլոր Մուսալեռցի անցաւորաց սերունդը, ըլլան անոնք գրող-հրապարակախօսներ, ազգային գործիչներ թէ' նահատակներ:
Պաշտօնական բաժնով, յաջորդաբար խօսք առին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ վերջին տարիներուն, Այնճարի երիտասարդներու գնահատելի բարերարութեամբ կ'իրագործուի սոյն ձեռնարկը, հետեւելով ԼՕԽ-ի նշանաբանին՝ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին»:
Տէր Միւրոն Քհն. Աւետիսեան ընթերցեց տարեցներուն նուիրուած, յարգանքի եւ գնահատանքի խօսքերով գրութիւն մը:
Տէր Արսէն քհն. Քէշիշեան ըսաւ.-«Մեր Յիսուս փրկիչը ծնաւ խաղաղութիւն բերելու աշխարհին, սակայն այսօր աշխարհը խաղաղ չէ»: Ան հայցեց առ Աստուած, որ իսկական խաղաղութիւն տիրէ աշխարհի վրայ:
Տէր Աշոտ քհն. Գարագաշեան մաղթեց, որ հայ ընտանիքներուն մէջ տիրէ սէր եւ միութիւն:
Հայր Մեսրոպ Թոփալեան (Հայունի) տարեցները նկատեց տան օրհնութիւնը եւ դրուատեց ԼՕԽ-ի ընկերուհիներուն «շալկած խաչի» առաքելութիւնը:
Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան ըսաւ.-«Աստուած վարձահատոյց ըլլայ ԼՕԽ-ին, բարերարներուն եւ պահպանէ Այնճարը ամէն չարիքներէ»:
Բարերար ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ տիկին Մարալ Գարաքէշիշեան-Պէկեան: Ան մաղթեց, որ իւրաքանչիւր ծնողք ունենայ զաւակներ, որոնք գիտակցին ծնողներուն հանդէպ իրենց ունեցած պարտականութեան եւ պարտաւորութեան:
Տարեցները ուրախացնելու եւ ձեռնարկը ճոխացնելու համար, հրաւիրուած էր պրն. Գէորգ Պէպէճեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով դիւթեց ներկաները: Մթնոլորտը աւելի խանդավառուեցաւ պարեղանակներով եւ շուրջպարերով:
Կաղանդ պապուկը այցելեց ներկաները, պարեց հետերնին եւ նուէրներ բաշխեց բոլորին:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ սուրճի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութեամբ:





