Համբարձում

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի (Այնճար) ընկերային յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկը, որ կը զուգադիպէր Համբարձման տօնին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, Ճաշարան «Արեւ»ի մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Յասմիկ Ապուհանեան: Ան, կարեւորութեամբ նշեց, որ հարկ է հայ մշակոյթի պահպահման նպաստող ձեռնարկներ յաճախակիօրէն կազմակերպուին եւ հայկական աւանդութիւնները մոռացութեան չենթարկուին: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ տիկին Սալբի Թաշճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Ան թուելէ ետք կնոջ արժանիքները, ծանրացաւ այն իրողութեան, թէ մայրն է ընտանիքին պահապանը, մայրենիին տէր կանգնելու եւ ոսկեղնիկը չաղաւաղելու մատղաշ սերունդին՝ յուշարարը, որպէս հերոսածին, հայրենիքի սահմաններուն վրայ արթուն երիտասարդին՝ ուժ ու  կորով տածողը ....:

Ձեռնարկը վարեց տիկին Թերեզ Սարգիսեան, Համբարձման մասին մանրամասնութիւններ թուելով: Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի աշակերտ՝ Սեւան Սարգիսեան ելոյթ ունեցաւ ասմունքով: Ներկաները խանդավառ պահեր ապրեցան հայկական շուրջպարերով: Կատարուեցաւ, ի նպաստ դարմանատան վաճառուած տոմսերու  վիճակաձգութիւնը, որուն բախտաւորը ստացաւ արժէքաւոր ոսկեայ վզնոց մը, նուիրուած տիկին Ռիթա Շաննագեան-Տէմիրճեանի կողմէ: Տեղի ունեցան Վիճակահանութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաներուն բաժնուեցան ծաղիկի թաղարներ՝ նուիրուած Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ: