Ոսկին աշնան գոյնը չէ միայն. այլ աշնան լոյսը, բարիքները, առատութիւնն ու մանաւանդ տքնաջան աշխատանքի բարի ժպիտը:
Արդ, Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2017-ին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս կը տիրէր բարձրաճաշակ, գունագեղ, գեղեցիկ ու հաճելի մթնոլորտ մը:
Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, յատուկ ձեռնարկով մը կու գար տօնելու «Ոսկի Աշուն»ը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Անի Տիւքէնճեան: Ան հրաւիրեց տիկ. Ազատիկ Հապէշեան Թազեանը, որ Հայաստանի մէջ հմտացած է պտուղներու եւ բանջարեղէններու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ ճաշասեղաններ յարդարելու արուեստին մէջ:
Սրահին մէջ յարդարուած էր տօնական սեղան մը, որ ներկաներուն կը փոխանցէր աշնան բոյրն ու գոյնը: Տիկ Ազատիկ, տեղւոյն վրայ հաճելի ոճով ցուցմունքներ տուաւ յիշեալ արուեստին մասին, իր մատներու հմտութեամբ և բարձր ճաշակով պատրաստեց յարդարանքներ, որ հիացուց ներկաները:
Ձեռնարկի աւարտին, յանձնախումբի ընկերուհիները ներկաները հիւրասիրեցին եղանակի պտուղներով եւ իրենց կողմէ պատրաստուած աղցանով և քաղցրեղէնով:
Թող այս «Ոսկի Աշուն»ը դառնայ բերքի մեծ տօն և հողի հրաշագործութեամբ մեր գիւղը՝ Այնճարը, ըլլայ միշտ կենսունակ և վաղուան յոյսը երբեք չմարի մեր սրտերուն մէջ:












