Տարեցներու Ծննդեան Ճաշկերոյթ

 4 Յունուար 2017-ին, Այնճարի տարեցները հրաւիրուած էին Ճաշարան «Արեւ»

 միասնաբար տօնելու Ս. Ծնունդը: Ս. Ծնունդի հաւաքոյթին բարերարութիւնը ստանձնած էին Ամերիկաբնակ Տէր և Տիկին Րաֆֆի և Հերա Մախուլեաններ, իրենց բալիկներուն՝ Յակոբի և Հայկի հետ,  առ ի երախտագիտութիւն՝ իրենց ծննդավայր Այնճարին, ուր անցուցած էին իրենց մանկութիւնն ու  երիտասարդութիւնը: 

Հաւաքոյթին՝ զիրենք կը ներկայացնէր տիկ. Քնար Շխըրտըմեան-Գամպէրեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին՝ Մատլէն Խօշեան, որ գնահատեց Մախուլեան զոյգին այս նախաձեռնութիւնը. մաղթեց անիկա  ըլլայ նախընթաց ու  բարի օրինակ այլոց եւս: Ապա Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեանի՝ սեղաններու օրհնութեան աղօթքէն ետք, հոգեւոր հայրերու, Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ցօղիկ Հաւաթեանի եւ 130 տարեցներու ներկայութեամբ, տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Ժանօ Փամպուքեանի  կողմէ կատարուած խաղերով, մէջբերումներով և բարերարներուն մասին վկայութիւններով։

Փրկիչին ծնունդին խորհուրդը, արդէն բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց: Հայկական մեղեդիներու և շուրջպարներու կշռոյթով, երիտասարդի նման պարեցին, երգեցին, ուրախացան:

Տիկ. Քնար Շխըրտըմեան-Գամպէրեան ընթերցեց բարերարներուն սրտի խօսքը, ուր անոնք  կը պատմէին յիշատակներ և սրտի պարտք կը համարէին հոգեպէս ըլլալու ժողովուրդին հետ՝ տարեց սերունդը ուրախացնելով:

Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչը խօսք առնելով գնահատեց ձեռնարկը զայն նմանցուց խճանկարի մը, զոր կը կազմեն ծերունիները իրենց ուրախ  դէմքերով, բարերար ամոլը՝ իր բարեսէր արարքով, օրուան սեղանապետը՝ իր խանդավառութեամբ, ձեռնարկը կազմակերպողները՝ իրենց աշխատանքով։

Կաղանդ պապուկը իր նուէրներով շրջեցաւ, ուրախացուց մամիկներն ու պապիկները:

Հոգեւորականներուն անունով, Տէր  Միւռոն քահանայ ըսաւ,  «Լ.Օ.Խ-ի ընկերուհիները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, ուրախ պահեր ստեղծելու։ Դուք առանձին չէք, միշտ ունիք ուրախացնողներ, հեռուից թէ մօտից: Ձեր օրհնութիւնը կը բաւէ միայն»:

Բոլորը թմբուկի եղանակով պարեցին, երգեցին: Վարչութեան կողմէ բարերարներուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: 

Քրիստոսի Ծնունդը շնորհաւորելով, ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան։