Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը կազմակերպեց իր առողջապահական դասախօսական շարքին երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ, 17 մարտ 2017-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:
Յանձնախումբին անունով, ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ. Սոնա Տուզմանեանը: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ գիւղի զաւակները իրենց գիտելիքները սիրայօժար կը բաժնեկցին բոլորին հետ: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօս՝ հիւանդապահուհի Զարիկ Օհաննէսեանը:
«կանացի հիւանդութիւններու կանխարգիլում» նիւթը ներկայացնելով, դասախօսը յստակ եւ հասկնալի ձեւով անդրադարձաւ այն բոլոր հիւանդութիւններուն, որոնք հաւանականօրէն կրնան հարուածել իգական սեռը:
խօսեցաւ սրտանօթային հիւանդութիւններու, քաղցկեղի, ուղեղի կաթուածի, ոսկրափտումի, տեսողութեան, լսողութեան, ատամներու, մորթային հիւանդութիւններու մասին, բացատրելով իւրաքանչիւր պարագայի կանխարգիլման շատ պարզ միջոցները, Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ պատուաստներու:
Ձեռնարկի աւարտին եղան հարցումներ, որոնց լուսաբանութիւնները տուաւ դասախօսը:
Շահեկան այս դասախօսութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:





