Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի աւանդութիւններուն մաս կազմող եւ յատկանշական նախաձեռնութիւն հանդիսացող հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին բացումը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութիւնն ու իր գոյութեան տարբեր հանգրուաններուն կամաւորներու փաղանգին ծաւալած գործունէութիւնը` դիտել տուաւ, որ օրուան կարիքներէն եւ պայմաններէն մեկնած` ընդարձակուած աշխատանքներուն արգասիքներէն կը հանդիսանայ ձեռարուեստի կեդրոնի հիմնումը, ձեռարուեստի եւ ասեղնագործութեան հմտութիւններուն փոխանցումը նոր սերունդներուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հանրութեան ցուցահանդէսով ներկայանալը: Ան հաստատեց, որ ասեղնագործութիւնը, հակառակ իր պահանջած համբերութեան, աչքի լոյսին ու բծախնդիր աշխատանքին, հոգին ազնուացնող, միտք պայծառացնող, ճաշակ բարձրացնող եւ ազգային արժէքները յաւերժացնող իւրայատուկ արուեստ է: Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն հայկական ձեռարուեստի պահպանման եւ նեցուկ կանգնեցան ցուցահանդէսի յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ գերագնահատելի նկատեց տարուած աշխատանքը, աւելի քան 35 տարուան բեղուն եւ բծախնդիր գործունէութիւնը, այս մարզին ապրած զարգացումն ու այսօր անոր ներկայացուցած կարեւորութիւնը` հայկական ձեռարուեստը կորուստէ փրկելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ այս ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած իւրայատուկ ստեղծագործութիւններով հայկական ոգի, շունչ եւ արժէք կարելի է ներմուծել մեր տուներուն մէջ` կարեւոր նկատելով այս աւանդը նոր սերունդին փոխանցելն ու անոր շարունակականութիւնը ապահովելը:
Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նկատել տուաւ, թէ անցեալէն փրկուած եւ մեզի հասած արժէքաւոր եւ իւրայատուկ պատառիկներ ներկայացուած են ցուցահանդէսին` նշելով, որ անցեալէն եկած գեղեցկութեան իմաստն ու խորհուրդը պէտք է լաւապէս գիտնալ ու պահպանել զայն, որովհետեւ հոն նաեւ կայ ներշնչող ուժականութիւն, մեր արմատներէն յառնող ոգի եւ պատգամ:
Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ի տես ցուցադրուած ասեղնագործութիւններուն, կարելի է միայն հպարտանալ եւ գոհունակ ըլլալ, որովհետեւ այսպիսով կարելի է մեր ինքնուրոյն դիմագիծով ներկայանալ հանրութեան եւ պահպանել զայն:
Իր խօսքը եզրափակելով` սրբազանը մեծապէս շնորհաւորեց այս աշխատանքին սատար հանդիսացած ու անոր յաջողութեան համար ճիգ չխնայած իւրաքանչիւր անձ` մաղթելով նորանոր նուաճումներ, ներշնչում առթող ծրագիրներու յաջողութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել նուիրական երթը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013 ներառեալ` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:























