Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի « Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս կատարեց նախաճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ, Մարիա Չոլաքեանի, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօսի Յակոբեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան, մաղթելով անոնց մտերմիկ եւ ուրախ ժամանակ, ապա հրաւիրեց ընկհ. Մարիա Չոլաքեանը, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականն ու գործունէութիւնը, իր ընկերաբժշկական կեդրոնով եւ 26 մասնաճիւղերով. Խրախուսեց եւ քաջալերեց նոր սերունդը անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն եւ մաս կազմելու այս հսկայ փաղանգին:

Ձեռնարկի աւարտին, բոլոր ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթելով մեկնեցան: