Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Էհլան»ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի Ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր:

 Վարչութեան անունով բացման խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան: Ան, իր բարի գալուստի մաղթանքէն ետք ըսաւ.-« Այս տարի անգամ մը եւս համախմբուած ենք այս յարկէն ներս տօնելու Ամանորը: Ամավերջը առիթ մըն է, որ իւրաքանչիւր անձ կատարէ իր հաշուեյարդարը. բոլորս ալ միշտ ունինք ձգտումներ եւ երազներ. անցեալ տարուան ընթացքին, եթէ կարողացանք մեր երազներէն մաս մը իրականացնել, թող այս նոր տարին ըլլայ նոր ակնկալութիւններու եւ բոլոր փափաքներու իրականացման տարի մը»:

Ներկաները ճաշակեցին հրամցուած համեղ ճաշը: Այդ ուրախ առիթով, վարչական ընկերուհիներն ալ պատրաստած էին համադամ աղանդերներ:

Խամաճիկն ու նապաստակը պարելով, խանդավառեցին ներկաները: Ապա ժամանեց երկար սպասուած՝ նուէրներով ծանրաբեռնուած Կաղանդ Պապուկը,  զուարճացուց բոլորը եւ բաշխեց իր բերած շատ գեղեցիկ նուէրները: 

Ձեռնարկի աւարտին, բոլորը գնահատեցին տարուած աշխատանքը, եւ վկայեցին, որ իսկապէս աննախընթաց օր մըն էր: Անոնք մեկնեցան ուրախ եւ գոհունակ, մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն: