«Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը հանդիսութեամբ մը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Սոյն առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տէր Նորայր եպս. Աշըգեան: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ հիւրեր:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ.-« «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւնները շարունակած են հիմնադիրներուն սկսած աշխատանքը եւ գալիք վարչութիւններ եւս նոյն կորովով ու հաւատքով պիտի շարունակեն ԼՕԽ-ի սուրբ առաքելութիւնը»:

Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գլպաշեան շնորհաւորեց «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի 35-ամեակը եւ նկատել տուաւ.- «տարեդարձները ինքնաքննարկման առիթներ են: Անցեալի փորձառութիւնները, ներկայ դժուարութիւնները եւ ապագայի հեռանկարները հաւաքական մտածողութեամբ եւ ժամանակի վերլուծումներով յառաջ կը տանին մեր գործունէութիւնը»: Ընկհ. Գլպաշեան յանձնարարեց վերանորոգել ուխտը, շարունակել աշխատանքը եւ չընկրկիլ դժուարութիւններու առաջ: Ան յաջողութիւն մաղթեց վարչութեան եւ բարի երթ մաղթեց դէպի նորանոր ամեակներ:

ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Պետիկ Ծառուկեան խօսք առնելով կոչ ուղղեց շրջանի բնակչութեան, երիտասարդ ուժերով խտացնելու ԼՕԽ-ի շարքերը եւ հաստատեց, որ ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի գործունէութիւնը պիտի շարունակուի : Ան բարի երթ մաղթեց յառաջիկայ վարչութիւններուն:

Ապա Տէր Նորայր եպս. Աշըգեան հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ.-«ԼՕԽ-ը ծնած է ժողովուրդի ծոցէն, որուն նպատակը ազգին, հայրենիքին եւ ազգի զաւակներուն ծառայելն է: ԼՕԽ-ը դպրոց մըն է մեր ազգի կեանքին մէջ, որուն մէջ դասաւանդուող նիւթը անսակարկ, հաւատքով, նուիրուածութեամբ եւ ամբողջական կամքով ծառայելն է»: Սրբազան հայրը շարունակելով շեշտեց, որ « ո՛չ պաշտօնը, ո՛չ դիրքը եւ ո՛չ ալ հարստութիւնը մարդը կ'արժեւորեն, այլ մարդն է որ իր խոնարհութեամբ, իր նուիրուածութեամբ, իր աշխատանքով կ'արժեւորէ իրեն տրուած պաշտօնը: Մարդու արժէքը իր տալուն մէջն է»: Ան աւելցուց « ԼՕԽ-ի անդամուհիներուն արժէքն ալ իրենց լուռ, լուսարձակներէ հեռու, որպէս խոնարհ զինուորներ աշխատելուն մէջն է: Անոնք իրենց սիրտէն ու հոգիէն կու տան կարիքաւորին, ծերունիին, աշակերտին ու հիւանդին»: Ան ուժ ու կորով մաղթեց վարչութեան, անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 –ամեակին եւ իր խօսքը եզրափակեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութեամբ:

Գեղարուեստական բաժնին ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանտա Ունճեան, որ ներկայացուց Ժագ Յակոբեանի՝ «Այս Քոյրերը» եւ Ռիշար Վալոյի՝ «Կամաւորներու Աղօթքը» բանաստեղծութիւնները: Ռիթա Պագալեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Բարի Արագիլ» եւ «Սուրերու Պարը», իսկ Գէորգ Պագալեան՝ «Էրեբունի» եւ «Կիլիկիա» եղանակները: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Մհերի «Ատանա» տեսերիզը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: