Ընկերային Հանդիպում

Ամանոս շրջանի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ գործող, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ներքին ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, երկուշաբթի 9 Նոյեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արաքսի Խտըրլարեանի, հրաւիլեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

ԼՕխ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շուշիկ Ադամեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի բազմածաւալ գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու առաքելութեան եւ որովհետեւ ԼՕԽ-ի ձեռնարկները կը կայանան օգտակարն ու հաճելին միացնելով ուրախացնել բոլորը, հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին հոգեբան՝ Լուիզա Պապոյեանը, որ շինիչ բացատրութիւններով եւ կենդանի օրինակներով խօսեցաւ կենցաղավարութեան մասին, նոր գիտելիքներով հարստացնելով ներկաները:

Դասախօսը բացատրեց, թէ կենցաղավարութիւնը ոչ մէկ խաւի կը պատկանի, անոր հիմնական կէտը մտիկ ընել, լսել եւ քաղաքավար ձեւով պատասխանելն է, իսկ բաղադրութիւնը՝ բառերը, վարուելակերպը, կեցուածքը եւ արտայայտութիւններն են: «Կենցաղավարութիւն » բառը եթէ բառացի թարգմանուի, ազնուութիւն կը նշանակէ ըսաւ ան:

Ձեռնարկի ընթացքին հայկական երաժշտութիւնը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց, կատարուեցան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:

Ներկաները մեծ գոհունակութեանբ մեկնեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: