Մայրերու Օր (2015)

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը, Ամանոսի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի , կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ազատ Խանզէթեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, հրաւիրեալներու եւԼՕԽ-ականներու ։
Սրահի մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան նուէրներով:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ալին Արոյեան, բարի գալուստ եւ բարի ժամանց մաղթելով՝ անդրադարձաւ հայ մօր դերակատարութեան ըսելով թէ՝ «արդեօք մէկ օրը բաւարա՞ր է մօր մը նուիրելու կամ պէտք է ամիս մը ըլլայ կամ տարի մը։ Որքան ալ օրեր ընծայենք, յարգանքի խօսքեր ուղղենք, երգեր հիւսենք, տաղեր յօրինենք, չենք կրնար մօր մը զոհողութեան փոխարժէքը տալ, լման կեանք մը նուիրելն նոյնիսկ քիչ է մօր մը զոհողութեան դիմաց»։ Եզրափակելով՝ «Կարինէ մասնաճիւղին համար բերկրանք ու ուրախութիւն է զաւակը դառնալ, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ գործել, անոր օրինակէն սորվիլ, անոր ճամբան շարունակել, անոր առաքելութիւնը քարոզել եւ ունենալ ու կերտել նոր փաղանգ մը երիտասարդ ուժերով, որպէսզի շարունակուի հայ ազնիւ մայրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու բարեգործ եւ հայանուէր գործունէութիւնը՝ որն է հասնիլ կարիքաւորին, չքաւորին, աշակերտին, կարօտեալին եւ համալսարանականին, անոնց տալով յոյս։

ԼՕԽ եւ մայր կը նոյնանան: ԼՕԽ-ը եւ՛ս, մօր մը նման, հայ օճախի կանգուն պահպանման համար շատ աշխատանք տարած է ու կը տանի»։

Մթնոլորտը ճոխացուցին Գէորգ Պաղտասարեանը եւ օրուան պատւոյ հիւրերը՝ ընկհ. Ատէլ Տաղըլեան՝ նահատակ Վաչէ Տաղըլեանի մայրը, որուն վարչութիւնս յանձնեց յուշանուէր մը. ընկհ. ատենապետուհին խօսքը ուղղելով ընկհ. Ատէլին ըսաւ:« բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն, հայութեան ճրագը բոցավառ պահած ու զայն յաջորդող սերունդներուն փոխանցած ձեզ նման հայ մայրերուն, հպարտ եղէք Վաչէին մայրը ըլլալուն»։

«Կարինէ» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկհ. Պերճուհի Տարագճեան խօսք առնելով անդրադարձաւ «Կարինէ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմականի մասին։
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն.

Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան։