Ընկերային հանդիպում

Լօխ-ի «Կարինէ » մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Երեքշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00 ին շրջանի« Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ընկերային հանդիպում մը , ուր սեղանի մը շուրջ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ընկերային յանձնախումբը ինչպէս նաեւ որդեգրուած ծերերը, որոնցէ միքանին չկարողացան ընդառաջել հրաւէրը (առողջապահական պատճառներով) սակայն վարչական ընկերուհիները յանձն առին անոնց ճաշի բաժինը հասցնելու իւրաքանչիւրին բնակարանը:

Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ընկերուհիները հաճելի եւ մտերմիկ պահեր անցուցին  միասնաբար զրուցելով շրջանը մտահոգող կարգ մը նիւթերու շուրջ ինչպէս նաեւ փոխանակելով գաղափարներ յաջորդ կազմակերպուելիք ձեռնարկներու մասին , ի մասնաւորի մասնաճիւղի 60- ամեակի առնչութեամբ որ տեղի պիտի ունենայ 2016-ին: