60-Ամեակ ....60 Փոքրիկներու խրախճանք

Հովանաւորութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ՝  «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան  եւ հիւրասիրութեամբ՝ «Ժպիտ» խմբակին , Շաբաթ, 14 Մայիս  2016-ին , տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու  ծիրէն ներս, երկրորդ ձեռնարկը, որ իւրայատուկ էր իր տեսակով եւ իմաստով:

Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանը,  մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիները եւ 60 փոքրիկներ:

Վարչութիւնը մտայղացած էր , 60 Ամեակ ....60 Փոքրիկներ հրաւիրել խրախճանքի մը, փոխանցել անոնց ԼՕԽ-ի գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, խաչուհիին առաքելութիւնը եւ փոքրերու հանդէպ անոր ցուցաբերած յատուկ գուրգուրանքը....

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին  ծնողները ժամանած էին «Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբ,   իրենց զաւակները յանձնելու  վարչական ընկերուհիներուն հսկողութեան, որպէսզի հանրակառքերով ուղղուին դէպի  «MC Donalds» ճաշարանը: Շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ ,Ամանոս շրջանի 60 փոքրիկները ապրեցան ուրախ եւ շատ հաճելի ժամեր....  խաղացին, երգեցին , պարեցին , հիւրասիրուեցան եւ  զուարճացան, մանաւանդ երբ անոնց դէմքերը գծագրուեցան գունաւոր ներկերով:

Աւարտին, փոքրիկներուն բաժնուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան                 60-ամեակի առիթով պատրաստուած  գրքոյկէն , որպէսզի իրենց հետ տանին տուն :

Յիշատակի նկարներ առնելէն ետք, անոնք մեծ ուրախութեամբ եւ սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները, պատմելու իրենց ծնողներուն,  թէ՝ «ԼՕԽ-ը իսկապէս բարեսիրական , մարդասիրական եւ փոքրիկները ուրախացնող իւրայատուկ կազմակերպութիւն մըն է» ։