«Շուշի» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Զահլէի «Թիլալ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Տէր եւ Տիկին Յարութ Քիւրիւմեանները, հայ եւ օտար հիւրեր, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արաբերէն լեզուով արտասանեց ընկհ. Մարօ Պարրաք, ուր բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք, պարզեց ձեռնարկի նպատակը եւ ըսաւ.-«1940 թուականին, դժուար պայմաններու մէջ հիմնուած ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղը իր 75 տարուան երթը շարունակեց շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր, աշխոյժ եւ ԼՕԽ-ի սուրբ առաքելութեան հաւատացող ընկերուհիներուն», ան հաստատեց , թէ այս երթը պիտի շարունակուի դէպի նորանոր ամեակներ: Ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանը փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան խօսքը: Ընկհ. Գըլպաշեան շնորհաւորեց մասնաճիւղի 75 ամեակը, բարձր գնահատեց միութեան եւ նուիրեալ ու կամաւոր ընկերուհիներուն աշխատանքները, որ «Ժողովուրդէն, ժողովուրդին» նշանաբանով գործեցին եւ կը շարունակեն գործել, օժանդակելով կարիքաւորին, հիւանդին ու աշակերտին: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդ եւ նոր ուժերով խտացնել միութեան շարքերը: Ընկերուհին եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան միութեան վերելքին:

Տէր Ներսէս Քահանայ Ճերմակեանի աղօթքէն ետք, ձեռնարկը ընթացք առաւ կարկանդակի հատումով: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ սիրուած երգիչ՝ Հրաչ Կայծակեանը, որ հայաշունչ, ուրախ եւ ճոխ երգերով խանդավառեց ներկաները, մինչեւ ուշ գիշեր, բարձր պահելով անոնց տրամադրութիւնները, որոնք կատարեցին սրտաբուխ նուիրատութիւններ: Ձեռնարկը աւարտեցաւ վիճակաձգութեամբ, որմէ բախտաւորուեցան մեծ թիւով ներկաներ: Անոնք մեծ գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան, իրենց հետ տանելով մասնաճիւղի վարչութեան պատրաստած, մասնաճիւղի 75 ամեակը խոհրդանշող յուշանուէրներ: