Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, Զահլէի «Հայ կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երեխաներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկ:
Կեդրոնին մէջ կը տիրէր բացառիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ, զոր ստեղծած էին շրջանի փոքրերը իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար :
Տիկ. Լիզա Հէքիմեանի հետ ժամանած կերպարները, ներկաներուն ստեղծեցին ուրախ պահեր. երգեցին, պարեցին, մինչեւ հասաւ սպասուած կաղանդ պապուկը:
Ի տես կաղանդ պապուկին բաշխած նուէրներուն, երեխաներուն խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ եւ գոհունակ մեկնեցան կեդրոնէն:














