«Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ

Լ.Օ.խ.ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան»խոհանոցը այս շաբաթ եւս պատրաստեց գաղութիս կարիքաւոր պարագաներու «Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ։

«Decerco» հաստատութիւնը իր կարգին նուիրեց այս շաբթուայ ճաշին օգտագործուելիք մսեղէն եւ կանաչութիւն իր մօր՝ Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի հոգւոյն համար,տեղին է նշել ,որ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեան AC մը նուիրեց մեր խոհանոցին ։

Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան , «Decerco» հաստատութեան եւ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեանին ։

Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին։