Տարեցներու Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-Ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի երկու յանձնախումբերուն, տարեցներու աւանդական կաղանդի ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն, Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն եւ բարերար՝ Պրն. Պերճ Կիւլպէնկեանին:

        Շուրջ 120 ծերունիներ համախմբուած ու բոլորուած էին սեղաններու շուրջ, ուրախանալու եւ պատմական օր մը անցընելու Կաղանդ Պապուկին ներկայութեամբ:

       Տօնածառի գունաւոր լոյսերը, սրահի շքեղ զարդարանքը, սեղաններու վրայ տեղադրուած մրգեղէնները արդէն կ'աւետէին մօտալուտ «Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը», որ անհամբեր սպասուած օր մըն է տարեցներու համար :

     Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ձեռնարկին նպատակն էր ուրախացնել եւ Ծնունդի ու Նոր Տարուան ոգին փոխանցել տարեցներուն:

       Գեղարուեստական բաժինով հայկական ու ազգային երգերով ու մեղեդիներով մթնոլորտը ճոխացուցին երիտասարդներ՝ Մինաս Ադամեան՝ երգով, Արի Վարդանեան՝ կիթառի նուագակցութեամբ, իսկ Շանթ Պաղտասարեան՝ ձայնի սարքաւորումի սպասարկութեամբ:

   Յանձնախումբէն կարգ մը ընկերուհիներ, ծերունիներու ընկերակցութեամբ, հայկական շուրջպարով մը խանդավառեցին մթնոլորտը, զուարճացուցին ու ոգեւորեցին ծերունիները:

   Այնուհետեւ տարեցներու շարքերէն տաղանդներ յայտնաբերուեցան, ոմանք մեներգեցին հայկական երգեր, ուրիշներ պարեցին հայկական կշռոյթով, իսկ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց ծերունի մը, որ ասմունքեց երկարաշունչ գրական կտոր մը ու հիացուց ներկաները իր ձայնային ելեւէջներով ու դէմքի արտայայտութիւններով:

       Բոլորին խանդավառռւթիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումով: Ան ծանրաբեռնուած էր նուէրներու կարմիր տոպրակներով, իր ձեռքին ունէր երկար անուններու ցանկ մը, առատօրէն բաժնեց իր նուէրները, ապա իր հայրենաշունչ խօսքերով, առակներով ու պատմուածքներով զուարճացուց ծերունիները, որոնք իրենց գոհունակութեան արտայայտութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին անոր, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն եւ յատկապէս բարերարին, որ իր արքայավայել ժպիտով ու յուզումնալից աչքերով կը հետեւէր իւրաքանչիւրի օրհնութեան խօսքերուն:

     Յայտագրի աւարտին տարեցները առատօրէն եւ աւանդապահօրէն հիւրասիրուելէ ետք, լիացան ուտեստեղէններով եւ նուէրներով, իսկ խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիները՝ ծերունիներու օրհնութեամբ:

   ԼՕԽ-ի յոյսերն ու երազները թափ կ'առնեն խաչուհիի կամաւոր աշխատանքով ու տարեցներու օրհնութեամբ: