Այս շաբաթ անգամ մը եւս Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց ու բաժնեց իր կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշ»-ը : Ամէնուս ծանօթ է որ «Տաք Ճաշ»-ը կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
Սակայն ասոր կողքին Լ.Օ.Խ.-ի մեծ ընտանիքը ունի ՀՕՄուհիներ, բարեկամներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ ընկերուհիներ, որոնք իրենց կարգին կ՛օժանդակեն այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու համար :
Այս շաբաթ դարձեալ երկու ընկերուհիները Գանատաէն, որոնք անցեալ շաբաթ ալ այցելած էին խոհանոց, օգնեցին յանձնախումբի ընկերուհիներուն օրուայ ճաշի պատրաստութեան եւ ծրարումին:
Ընկերուհիներ Մարիէթ Հոթոյեան եւ Էլիզապէթ Լէպլէճեան իրենց նիւթական օժանդակութիւնն ալ բերին աս շաբթուայ ճաշի պատրաստութեան։
Վարձքը կատար ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան: Վարձքը կատար բոլորին , որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան բոլոր աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն:
Խորհին շնորհակալութիւն բոլորին:









