Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է թէ «Տաք Ճաշը» որ շաբաթական դրութեամբ կը պատրաստուի ու կը բաժնուի Լ.Օ.Խ.-ին վիճակուած կարիքաւոր պարագաներուն կը հովանաւորէ Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութիւնը:
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ դարձեալ պատրաստեց «Տաք Ճաշը» ուր «Decerco» հաստատութիւնը տրամադրեց օրուայ ճաշի մը օգտագործուելիք հաւեղէնը, ի յիշատակ իր շատ սիրելի մօր` Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի որ միշտ նեցուկ կը կանգնէր ընդհանրապէս Լ.Օ.Խ.-ի եւ յատկապէս «խոհանոցի» աշխատանքներու յաջողութեան:
Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութիւնն ալ իր կարգին տրամադրեց պտուղը (խնձոր) յաջորդաբար 2 շաբաթներու վրայ:
Տեղին է յիշել որ այս շաբաթ խոհանոց այցելեցին երկու Հ.Օ.Մ.-ուհիներ, ընկհ. Լենա Օհաննէսեան եւ ընկհ. Մարիէթ Հոթոյեան որոնք իրենց կարգին օգնեցին Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն պատրաստելու ու ծրարելու օրուան ճաշը:
Հ.Օ.Մ.-ուհիներէն ընկերուհի Լենա Օհաննէսեան նուիրեց 500 ամերիկեան տոլար իր հարազատ ննջեցեալներուն հոգւոյն:
Հիւր ընկերուհիները իսկապէս գնահատեցին խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն, որոնք շաբաթական դրութեամբ յանձն կ'առնեն պատրաստելու «Տաք Ճաշը»:
Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան:
Վարձքը կատար մեր այս շաբթուայ նուիրատուներուն:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին:














