Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015-ին, աւարտեցաւ MECC եւ Fin Church Aid կազմակերպութեան ֆինանսաւորած ծրագրին, ճաշի դասընթացքի երրորդ հանգրուանը , որ կայացաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի զոյգ յանձնախումբերու գործակցութեամբ, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս: 25 Լիբանանահայ տիկիններ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան սոյն դասընթացքին, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ կամաւոր դասատուներու…
ԱւելինՖինանսաւորութեամբ՝՝ MECC եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան , նախաձեռնութեամբ՝ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , գործակցութեամբ, «Վ.Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, կազմակերպուեցան ճաշի դասընթացքներ, 25 Լիբանանահայ տիկիններու համար, անոնց ընկերային պայմանները բարելաւելու եւ գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ : Շնորհիւ խմբակի մը հետեւողական աշխատանքին կարելի եղաւ յաջողոցնել սոյն ծրագիրը, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի…
Աւելին17 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Ճոմպալաքեան-Քերոբեան Սրտի ճաշարան»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ճաշ Եփելու Արուեստը» դասընթացքին աւարտական հանդիպումը ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն, խոհանոցի յանձնախումբին, դասատուներուն եւ աւարտականներուն: Ջերմ, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, աւելի քան երկու ամիսներէ իվեր դասընթացքին հետեւող 14 հայուհիներ վկայուեցան յատուկ վկայագրերով: Բացման…
ԱւելինԼիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 8 Ապրիլ 2015-ին սկսաւ աւանդական « ճաշ պատրաստելու արուեստը» դասընթացքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 2015, շաբաթը մէկ դասի դրութեամբ: Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող՝ Կարինէ Պալեանի գործակցութեամբ եւ ընտրութեամբ , 14 հայուհիներ կը մասնակցին դասընթացքին, որոնք դասերու աւարտին պիտի ստանան…
ԱւելինՆոր Տարին կը մօտենայ..... ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը բոլորին կը մաղթէ խաղաղ, բարեբեր եւ հաճելի անակնկալներով լեցուն Նոր Տարի մը: ԼՕԽ-ի խոհանոցի յանձնախումբը ,Նոր Տարին ուրախ սկսելու համար 8 Դեկտեմբեր 2014-ին համախմբեց 14 հայուհիներ, ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցին մէջ ուր անոնք հետեւեցան «Ամանորի Սեղան»-ի պատրաստութեան միօրեայ դասապահին, հանրածանօթ խոհարարագէտ-դասատու տիկ. Անահիտ Տօնիկեանի…
Աւելին23 դեկտեմբեր 2014-ին կայացաւ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի հաւատարիմ ծերերու եւ Կաղանդ Պապուկի աւանդական հանդիպումը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Կանուխ ժամերէն անհամբեր սպասող եւ պահ մը մանկացած ծերունիները խանդավառ երաժշտութեամբ յագեցած մթնոլորտի մէջ պարեցին, երգեցին եւ, վերջապէս, ուրախ ծափերով եւ բացագանչութիւններով դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան: Կաղանդ Պապան իրենց հետ պարեց, ուրախացաւ եւ ուրախացուց…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ԼՕԽ-ի ,Հայաշէնե մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, երէկ` երեքշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրին ԼՕԽ-ի ,Արաքսի Պուլղուրճեանե ընկերաբժշկական կեդրոնի ,Թնճուկեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնէն տաք ճաշ ստացող ծերունիներու յատուկ հաւաք: Բացման խօսքը արտասանեց եւ ծերերուն բարի գալուստ մաղթեց ,Հայաշէնե մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան. ան դիտել տուաւ, թէ նկատի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 180 ծերունիներու Ամանորի ձեռնարկ: Ծերունիները հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ ժամեր անցընելու. անոնք այն պարագաներն են, որոնք խոհանոցէն շաբաթը երկու անգամ կը ստանան տաք ճաշ: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի…
Աւելին2001-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հայուհիին կարողականութիւնը զօրացնելու եւ անոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ ձեռնարկեց ճաշ եփելու արուեստը սորվեցնող դպրոցի մը կազմակերպումին: Այդ նպատակով դիմում կատարեց «Էմ. Ի. Սի. Սի.»-ին` ներկայացնելով իր ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ, եւ կառոյցը տրամադրեց յատուկ պիւտճէ մը: ԼՕԽ-ը կազմակերպեց նախնական խոհանոց մը, հրաւիրեց խոհանոցային արուեստին տիրապետող ականաւոր, կամաւոր…
ԱւելինՈւրախութիւն եւ նոյն ատեն յուզում առթող է տեսնել ալեհեր, տարիներու բեռան տակ կքած ու քիչ մը ամօթխած ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն մուտքը ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի Թնճուկեան սրահ, ուր երեքշաբթի, 27 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 11:30-ին, անոնք հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ տօնական ուրախ ժամեր անցընելու: Հոգեթով եւ սրտագրաւ է ԼՕԽ-ականներուն մօտեցումը իւրաքանչիւր ծերունիի կամ պարագայի, անոնց մեղմ ու…
ԱւելինՀայ ծերունիին ուրախացնելը ԼՕԽ-ի առաքելութիւներէն մէկն է: Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան,կազմակերպութեամբ խոհանոցի յանձնախումբին ,ներկայութեամբ 120 ծերերու,տեղի ունեցաւ կաղանդի ձեռնարկ 27-12-2012-ին Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: վարձքը կատար յանձնախումբի ընկերուհիներուն:
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլի առաւօտուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երեք ամիսէ ի վեր ճաշ եփելու դասընթացքի հետեւողներու վկայականաց տուչութեան հանդիսութիւն: Խոհանոցի յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Գարայեան, որ անդրադարձաւ տարբեր մարզերու մէջ տարբեր բնոյթի աշխատանքներ տանող ԼՕԽ-ի գործունէութեան` կոչ ուղղելով…
ԱւելինԼիբանանահայ օգնութեան խաչի բեղուն գործունէութեան մաս կը կազմէ խոհանոցի դրութիւնը՝ ճաշի սպասարկութեամբ։ Գործադրուած այս ծրագիրը հինգ տարիներու պատմութիւն ունի։ Մեր ընթերցողները հաւանաբար յիշեն, թէ այս կապակցութեամբ պարբերաբար տեղեկութիւններ տրուած են մամուլով կամ այլապէս։ Ծրագրին ծաւալած գործունէութիւնը մեզ կը ստիպէ անգամ մը եւս անդրադառնալու այս մարդասիրական բարեգործութեան, որ կիրագործուի ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն եւ տեսլականին…
Աւելին










