Ֆինանսաւորութեամբ՝՝ MECC եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան , նախաձեռնութեամբ՝ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , գործակցութեամբ, «Վ.Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, կազմակերպուեցան ճաշի դասընթացքներ, 25 Լիբանանահայ տիկիններու համար, անոնց ընկերային պայմանները բարելաւելու եւ գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ :
Շնորհիւ խմբակի մը հետեւողական աշխատանքին կարելի եղաւ յաջողոցնել սոյն ծրագիրը, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի ,Վարդուհի Տեկիրմենճեանե խոհանոցին մէջ:
Դասատուներ գործնական ցուցմունքներով փոխանցեցին տեսակաւոր ճաշերու , աղցաններու եւ անուշեղէններու պատրաստութիւնը,ապա անոնց խոհագիրները, տպուած թերթիկներով ներկայացուցին մասնակիցներուն:
Խանդավառ թափով սկսած ճաշի առաջին եւ երկրորդ հանգրուանի դասընթացքները շաբաթական մէկ դասի դրութեամբ աւարտեցան Չորեքշաբթի, 8 Յուլիս 2015-ին, ուր մասնակիցներու առաջին խմբակը ստացաւ համապատասխան վկայագիր:






























