Նոր Տարին կը մօտենայ..... ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը բոլորին կը մաղթէ խաղաղ, բարեբեր եւ հաճելի անակնկալներով լեցուն Նոր Տարի մը:
ԼՕԽ-ի խոհանոցի յանձնախումբը ,Նոր Տարին ուրախ սկսելու համար 8 Դեկտեմբեր 2014-ին համախմբեց 14 հայուհիներ, ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցին մէջ ուր անոնք հետեւեցան «Ամանորի Սեղան»-ի պատրաստութեան միօրեայ դասապահին, հանրածանօթ խոհարարագէտ-դասատու տիկ. Անահիտ Տօնիկեանի կամաւոր դասաւանդութեամբ:
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, սիրով պատրաստուած ամանորեայ հնդկահաւը, Կաղանդի յատուկ աղցանը, խմորեղէն փաթթոցներն ու Ճերմակ Լեռ (Mont Blanc) կարկանդակը, հարստացուցին հայուհիներու խոհարարական պաշարը, նոյն ատեն սրտերը լեցուցին գալիք 2015 տարուայ ուրախ յոյսերով:



















