Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բեղուն գործունէութեան մաս կը կազմէ խոհանոցի դրութիւնը՝ ճաշի սպասարկութեամբ։
Գործադրուած այս ծրագիրը հինգ տարիներու պատմութիւն ունի։ Մեր ընթերցողները հաւանաբար յիշեն, թէ այս կապակցութեամբ պարբերաբար տեղեկութիւններ տրուած են մամուլով կամ այլապէս։ Ծրագրին ծաւալած գործունէութիւնը մեզ կը ստիպէ անգամ մը եւս անդրադառնալու այս մարդասիրական բարեգործութեան, որ կիրագործուի ԼՕԽ-ի սկզբունքներուն եւ տեսլականին հաւատարիմ նուիրեալ ու կամաւոր մեր կիներուն կողմէ։
Այս խոհանոցը կը գտնուի ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին գետնայարկը, յարմար սարքաւորումով, խոհանոցային պիտոյքներով, նաեւ ճաշասրահով մը, ուր դրուած սեղաններուն շուրջ խմբուած՝ կրնան ճաշել յոգնած ու բեռնաւոր կարիքաւորներ։ Յիշենք, որ այս ճաշասրահը ծրագրուեցաւ մօտ տարի մը առաջ եւ բարենորոգ տեսքով աւարտեցաւ շնորհիւ բարերարներ Վաչէ Տեկերմենճեանի, Ալեքսանտր Սուսանիի եւ այլ նուիրատուներու։ Հոն ճաշողները, կշտանալէ ետք, կօրհնեն նուիրատուները մտովի եւ մերթ՝ բարձրաձայն։ Արդարեւ, օրհնութիւն մըն է այս, երբ նկատի ունենաք 160 անձերու այս խոհանոցէն անցնիլը շաբաթական երկու օր, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի կէսօր, ուր իրենց կը տրամադրուի յատուկ ճաշամաններու մէջ դրուած ճաշերը, հայկական համով ու հիւրասիրութեամբ։
Այս առիթով կուզենք անդրադառնալ, թէ ճաշի մատակարարման այս ծրագիրը սկսաւ 2005-ին՝ նախաձեռնութեամբ եւ սրտաբուխ առաջարկովը Պերճ Կիւլպէնկեանի, որ իբրեւ սկիզբ եւ փորձ՝ առաջարկած էր մէկ տարի ճաշի սպասարկութիւն կատարել 100 անձերու։ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը սիրով ընդառաջած էր դիմումին եւ նախաձեռնած՝ աշխատանքի։
Անմիջապէս գործի անցնելով՝ նախապատրաստական աշխատանքները կատարուեցան։ Ճաշի պատրաստութեան համար խոհանոց հրաւիրուեցան տասնեակ մը հայուհիներ՝ խոհարարութեան նուրբ գիծին մանրամասնութիւններուն տեղեկանալու։ Վարպետ խոհարարուհիներ առաջնորդեցին սկսնակները, եւ գործը յառաջ տարուեցաւ ամենայն ուշադրութեամբ։
Տարին անցաւ, բարերար Պերճ Կիւլպէնկեան երբ տեսաւ, որ գործը իրաւամբ բարի է եւ կարիքաւորները՝ բազում, խոստացաւ շարունակել բարերարութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Յաջողութեամբ պսակուած նախաձեռնութիւնը ուռճացաւ, տաք ճաշին համն ու բոյրը ծաւալեցաւ, հիւրերը բազմացան, հետեւաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնն ալ ստիպուեցաւ նոր միջոցառումներու գործադրութեան։
Երեքշաբթի օրուան ճաշերուն խոհանոցային աշխատանքները ունեցան նաեւ յանձնախմբային կազմեր, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Հուրի Սապունճեան-Հայրապետեանին վստահուեցաւ Շրջանայինի ներկայացուցչութեան պաշտօնը։ Յանձնախումբին անդամները եղան հետեւեալ կամաւոր հայուհիները, որոնք ի պահանջելն հարկի կատարեցին նաեւ օգնականի աշխատանքներ եւ նուիրատուութիւններ հայթայթեցին հետզհետէ բազմացող կարիքաւորներուն տրամադրուած նիւթական բացը գոցելու։ Յանձնախումբի անդամները. Տիգի Թորիկեան, Նանիկ Գայթանճեան, Սրբուհի Քելեշեան, Արփի Չաթալեան, Անահիտ Փոլատեան, Հուրի Հատիտեան։
Մարդասիրական եւ աստուածահաճոյ այս աշխատանքը ծաւալեցաւ, պահանջը բազմացաւ, Շրջանային վարչութիւնը ունեցաւ այլ բարերար օգնականներ. որոշուեցաւ շաբթուան մէջ երկրորդ օր մըն ալ նկատի ունենալ, որովհետեւ 100 հիւրասիրուողներուն թիւը բարձրացաւ 160-ի։ Այս պարագային օգնութեան ձեռք երկարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, որ երկու տարիէ ի վեր կը ստանձնէ երկրորդ օրուան ճաշի ծախսերը։ Երկրորդ յանձնախումբ մը նշանակեց Շրջանային վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով. Շաքէ Գարայեան, Յասմիկ Մուրատիկեան, Վարդուկ Գալայճեան, Արփի Գոզատճեան, Վարդիթեր Սարգիսեան, Ծաղիկ Մկրտիչեան եւ Սիւզան Օհանեան։
Ճաշի պատրաստութեան աշխատանքը ստանձնած խոհարարական կազմը, լաւագոյնս հմտանալու մտադրութեամբ, Շրջանային վարչութիւնը գործակցութեամբ յանձնախումբին, ստեղծեց ճաշի դասընթացք, որուն հետեւողները ստացան յատուկ վկայագիր։ 12 վկայեալներու դասերը աւանդեցին յանձնախումբին վարպետ խոհարար կիներէն բացի, խոհագէտ եւ խոհարարական գիրքերու վաստակաշատ հեղինակ Անահիտ Տօնիկեան, որ յատուկ օրեր յատկացուց իր աշակերտուհիները թրծելու այս դաշտին մէջ։ Դասընթացքի աւարտին ան աշակերտուհիներուն նուիրեց չինական ճաշացուցակի յատուկ գիրքեր։
Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ խոհանոցի յանձնախումբերը շնորհակալութիւն կը յայտնեն այն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց ուրախ թէ տխուր օրերուն չեն մոռնար ԼՕԽ-ին կատարած աշխատանքները՝ ի նպաստ կարիքաւորներու օգնութեան։ Անոնք երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար Պերճ Կիւլպէնկեանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան՝ անոնց ինքնաբուխ աջակցութեան համար այս մարդասիրական գործին։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
