Ճաշի դասընթացքի երրորդ հանգրուան (2015)

Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015-ին, աւարտեցաւ MECC եւ Fin Church Aid կազմակերպութեան ֆինանսաւորած ծրագրին, ճաշի դասընթացքի երրորդ հանգրուանը , որ կայացաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի զոյգ յանձնախումբերու գործակցութեամբ, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս:

25 Լիբանանահայ տիկիններ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան սոյն դասընթացքին, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ կամաւոր դասատուներու սիրայօժար աշխատանքին, որոնք իրենց ունեցած խոհարարական գիտելիքները փոխանցեցին եւ ցուցմունքներ տուին ճաշ պատրաստելու արուեստը սորվիլ փափաքող հայուհիներուն:

Մասնակիցները ստացան համապատասխան վկայագրեր:

Յիշեալ դասընթացքը պիտի կիրարկուի նաեւ Այնճար հայաւանին մէջ, որ ընթացք պիտի առնէ Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2015-ին: