17 Յունիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Ճոմպալաքեան-Քերոբեան Սրտի ճաշարան»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ճաշ Եփելու Արուեստը» դասընթացքին աւարտական հանդիպումը ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն, խոհանոցի յանձնախումբին, դասատուներուն եւ աւարտականներուն:
Ջերմ, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, աւելի քան երկու ամիսներէ իվեր դասընթացքին հետեւող 14 հայուհիներ վկայուեցան յատուկ վկայագրերով:
Բացման խօսքը արտասանեց խոհանոցի յանձնախումբէն ընկհ.Վարդուկ Գալայճեանը, ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, յիշեցուց որ 11 տարիէ իվեր կը գործադրուի սոյն ծրագիրը եւ ունեցած է աւելի քան 120 աւարտականներ, որոնցմէ ոմանք իրենց խոհանոցային գիտելիքներով նետուած են կեանքի ասպարէզ, կ՛աշխատին եւ նեցուկ կը կանգնին իրենց ընտանիքներուն:
Շնորհաւորեց աւարտականները, յիշեցնելով , որ անոնց վկայուիլը կը զուգադիպի հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ քաջալերեց, որ անոնք միշտ իրենց մտքին մէջ ունենան այդ իրողութիւնը ,անմար պահեն անոնց ժառանգը եւ չմոռնան մեր պահանջատիրութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան այս ծրագրին ներկայացուցիչ՝ ընկհ-ի Սօսի Արամեանը, որ ըսաւ:- « ԼՕԽ-ը ոչ միայն կազմակերպութիւն մըն է այլ դպրոց, արուեստի կեդրոն եւ ունի հարուստ ծրագիրներ որոնցմէ մէկն է խոհանոցի դասընթացք ծրագիրը ,որուն նպատակն է զարգացնել հայուհիին կարողութիւնը որպէսզի տիրապետէ խոհանոցի արուեստին եւ գործի կարելիութիւն ստեղծուի իրեն»: Ապա Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւոր դասատուներուն :
Դասընթացքին հետեւող խումբին անունով ,խօսք առաւ, ընկհ. Նուրիձա Դարբինեանը , որ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ին ընդհանրապէս, Շրջանային վարչութեան եւ «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, որ այսպիսի դասընթացքներով կը քաջալերեն հայուհիները, որպէսզի միշտ նորութիւններ սորվին եւ օգտակար դառնան իրենց ընտանիքներուն:
Յանձնախումբին անունով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ծաղկեփունջ մը նուիրեց ընկերային ծառայող՝ Կարինէ Պալեանին , որ նպաստեց ծրագրին գորածդրութեան եւ յաջողութեան:
Ընկերուհիներ՝ Սօսի Արամեան եւ Անահիտ Փոլատեան յանձնեցին վկայագրերը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Հանդիպման աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան պտուղի հիւթերով եւ քաղցրեղէններով , որոնք պատրաստուած էին աւարտականներուն կողմէ:
Հոս հարկ է յիշել , որ ըստ ողբացեալ ընկհ. Եոլանտ Ճոմպալաքեանի կտակին, սարքուած է «Ճոմպալաքեան-Քերոբեան Սրտի Ճաշարան»-ը, եւ սկսած իր գործունէութեան: Ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, ճաշ ստանալու համար ,կանուխէն եկած ծերունիները կը հաւաքուին «Սրտի ճաշարան»-էն ներս, ուր զետեղուած հեռատեսիլն ու նուագի սարքը կը ստեղծեն մտերմիկ եւ հաճելի մթնոլորտ մը իրենց հետեւող եւ ծառայող պատասխանատուի մը հսկողութեան տակ: Անոնցմէ շատեր արդէն դարձած են վաղեմի ծանօթներ եւ բարեկամներ, զանազան նիւթերով կը խօսակցին, կը բաժնեն իրենց հարցերը, կը կատակեն եւ յաճախ կը հիւրասիրուին քաղցրեղէնով մը, մինչեւ ճաշը պատրաստուի եւ հրամցուի իրենց: Կան նաեւ ժամանցի այլ սարքեր՝ նարտի, ճատրակ, Տօմինօ եւայլն, որոնք կ՛օգտագործուին ըստ փափաքի:























