«Ճաշ պատրաստելու արուեստը» (դասընթացք 2015)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 8 Ապրիլ 2015-ին  սկսաւ  աւանդական « ճաշ պատրաստելու արուեստը» դասընթացքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 2015, շաբաթը մէկ դասի դրութեամբ:

Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող՝ Կարինէ Պալեանի գործակցութեամբ եւ ընտրութեամբ , 14 հայուհիներ կը մասնակցին դասընթացքին, որոնք դասերու աւարտին պիտի ստանան համապատասխան վկայագրեր: Դասատուները, ընդհանրապէս հանրածանօթ խոհարարներ, ոմանք հրատարակութիւններու կամ միջազգային համբաւի տէր   տիկիններ եւ ընկերուհիներ են, որոնք կամաւոր կերպով կը ստանձնեն դասատուութիւնը եւ իրենց միջանկեալ խորհուրդներով եւ թելադրանքներով կը զարգացնեն մասնակիցներու խոհանոցային գիտութիւնը:

Դասընթացքը սկսաւ բարիգալուտի խօսքերով եւ առողջապահական գիտելիքներու փոխանցումով, սննդականոնի, մաքրութեան, սնունդի անվնասութիւնը ապահովող միջոցներու թելադրական բաժինով մը, որ ստանձնած էր ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժնի պատասխանատու ընկերուհի Վերժին Խորշիտեանը:

Դասընթացքը ծնունդ առած էր տարիներ առաջ, երբ Շրջանային վարչութիւնը , մտածեց հայուհիներ   ինքնաբաւ դարձնելու եւ իրենց ընտանիքներուն նիւթական եկամուտ ապահովելու մտահոգութեամբ, միջոցներ ստեղծել եւ յղացաւ ճաշի դասընթացքի գաղափարը: Ծրագիրը   իր նպատակին հասած կարելի է համարել, որովհետեւ այդ դասերուն հետեւող հայուհիներէն շատեր ինքնավստահութիւն ձեռք բերելով, ոմանք կը գործեն յայտնի պանդոկներու մէջ, ոմանք իրենց տան մէջ ճաշեր պատրաստելով եւ վաճառելով, որոշ չափով թեթեւցնլով ընտանիքին նիւթական պարտաւորութիւնները:

Յաջողութիւն դասընթացքի հետեւողներուն եւ ծրագիրը կազմակերպողներուն: Բարի երթ:

8 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ առաջին դասընթացքը ,  դասատուն էր ընկհ.Տիքի Թորիկեանը, որ հնդկահաւի միսով պատրաստեց համեղ ճաշատեսակ մը , աղցան եւ անուշեղէ մը:

15 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ 2-րդ դասընթացքը , դասատուն էր տիկ.Նուարդ Անտոնեան որ պատրաստեց «Մուղրապիեէ», հաւով փիլաւ եւ անուշեղէն «Սապլէ»:

22 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ 3-րդ դասընթացքը,դասատուն էր տիկ.Էլօ Սվաճեան,ան պատրաստեց հաւով «Օրզո», աղցան եւ հանգստապատառ կրկնեփուկ:
 

29 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ 4-րդ դասընթացքը,դասատուն էր Լալա Գազանճեան ,ան պատրաստեց «Քապսէ », արաբական ճաշը,Ռուսական աղցան եւ անուշեղէն մը:

6 Մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ 5-րդ դասընթացքը,դասատուն էր ընկհ.Վարդուկ Գալայճեան ,ան պատրաստեց «Ղաուրմա» ,աղցան եւ արաբական անուշեղէն մը: