Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2026-ին Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց եւ հրամցուց «Տաք Ճաշ»ը իր պարագաներուն:
Այս շաբաթ Լ.Օ.Խ.ի «Ազիրեան» մասնաճիւղէն երկու ընկերուհիներ իրենց աջակցութիւնը բերին «Տաք Ճաշ»ի պատրաստութեան թեթեւցնելու համար խոհանոցի յանձնախումբին կամաւոր ընկերուհիներու աշխատանքը: Այս շաբթուայ ճաշին մէջ օգտագործուած մսեղէնը տրամադրեց «Dekerco» հաստատութիւնը:
Լ.Օ.Խ.ի երեք մաստաճիւղեր «Ախթամար», «Ազիրեան»եւ «Նայիրի» սիրայօժար նուիրեցին մէկական ճնշեփներ:
Վարձքը կատար բոլորին որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան: Շնորհակալութիւն բոլորին:














