ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցի Եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի Ճաշարանի Տարեցներու Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «Վարդուհի  Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, հինգշաբթի,  22 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի  «Թնճուկեան» սրահին  մէջ  «Վարդուհի  Տէկիրմենճեան» խոհանոցի եւ  «Եոլանտ  Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարանի  ծերունիները  միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան, որ միաժամանակ կը ներկայացնէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեան, բարերար Պերճ Կիւլպէնկեան եւ ԼՕԽ-ականներ:

Ուշագրաւ երեւոյթ էր տարեց սերունդի մամիկներուն ու պապիկներուն հանդէպ յանձնախումբին ցուցաբերած մօտեցումն ու գուրգուրանքը: Ձեռնարկին հրամցուած ճաշերը պատրաստուած էին խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Մկրտիչեան,  որ ներկայացուց խոհանոցի գործունէութիւնը եւ գնահատեց տարուած բծախնդիր աշխատանքը ու բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն,  ինչպէս նաեւ կատարեց ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը:

Մամիկներն ու պապիկները երգեցին եւ  հայկական շուրջպար  բռնեցին` վայելելով տօնական ու մտերմիկ մթնոլորտը:

Ձեռնարկին` Կաղանդ մամիկին  ժամանումը աւելիով խանդավառեց մթնոլորտը. ան բոլորին բաժնեց արժէքաւոր  նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Տարեցները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու եւ վկայեցին, թէ ԼՕԽ-ի մէջ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած գուրգուրանքն ու վերաբերմունքը  այլ տեղ կարելի չէ գտնել:

Հաւաքոյթի աւարտին բոլորը գոհունակութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:

Վարձքը կատար ձեռնարկին յաջողութեան ի նպաստ գործող բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւոր ընկերուհիներուն: